1147 դիտում
19:50 10-05-2023
Լիբանանի հայութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Լիբանանի բարգաւաճման բոլոր ծրագիրներու գործոն․ Արամ Ա
Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 10 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Քուէյթի մօտ Լիբանանի Դեսպանատուն, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Լիբանանի դեսպան Ահմատ Արաֆայի կողմէ: Նորին Սրբութեան Քուէյթ այցելութեան առիթով, Լիբանանի դեսպանին յատուկ հրաւէրով, դեսպանատան մէջ կազմակերպուեցաւ ճաշկերոյթ, ուր ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան հիւրեր, Քուէյթի մէջ լիբանանեան եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր պետեր եւ դեսպաններ: Տեղեկանում ենք Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից։
Վեհափառ Հայրապետը վեր առաւ Լիբանանի իւրայատուկ դիմագիծը՝ որպէս կրօններու եւ մշակոյթներու համերաշխ համակեցութեան երկիր, եւ այս ծիրէն ներս բարձր գնահատեց նաեւ Քուէյթի ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը, որոնց շնորհիւ՝ Քուէյթը եւս կրօններու համակեցութեան գեղեցիկ օրինակ մը դարձած է, ուր հայերը նոյնպէս կը վայելեն լայն ազատութիւն:
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ գնահատանքով անդրադարձաւ Լիբանանի ծաղկման ու զարգացման ծրագիրներուն մէջ Քուէյթին ունեցած ներդրումին։ Հայրապետը յիշելով հայ համայնքին Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը ըլլալը, ընդգծեց թէ Լիբանանի հայութիւնը եղած է, կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ իր գործօն մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի առաւել բարգաւաճման բոլոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ, նաեւ այս օրերուն Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան։

Նմանատիպ նյութեր
4635 դիտում
10:16 31-07-2021
Փաշինեան, նորանոր հողատարածքներ զիչելով, կը շարունակէ իր «ջայլամի քաղաքականութիւնը»․ «Հայրենիք»
2907 դիտում
12:05 07-11-2020
Որ հաղթես կյանքում՝ պիտի հավատաս, որ հաղթես պատերազմում՝ պիտի հավատաս, որ ապրես՝ պիտի հավատաս. Թևան Պողոսյան
Այս բաժնից
715 դիտում
18:38 21-12-2024
Շիրակի մարզում շրջայցի ընթացքում Պապոյանն արձանագրել է մի շարք խնդիրներ, որոնք անհապաղ լուծման կարիք ունեն
745 դիտում
17:42 21-12-2024
Հակակոռուպցիոն կոմիտեն մերժել է Հովիկ Աղազարյանի փաստաբանի դիմումը․ «Ազատություն»