787 դիտում
19:58 09-08-2023
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հանդիպել է ՄԱԿ քարտուղարի ներկայացուցչի հետ
Այս առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքան, ընկերակցութեամբ իր երկու գործակիցներուն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու գլխաւոր հարցեր.- ա) Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի կողմէ եւ բ) Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։
Առաջին հերթին, Նորին Ս. Օծութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ անոր ծանր հետեւանքներուն Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս ընկերատնտեսական կեանքին առնչութեամբ եւ իր գնահատանքը յայտնելով Մ.Ա.Կ.ի ընդհանուր քարտուղարին զանազան առիթներով արտայայտած զօրակցութեան եւ շրջափակման վերջ տալու կոչին, Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ մեր ազգի սպասումն է, որ Մ.Ա.Կ.ը շարունակէ իր զօրակցութիւնը՝ գործնական քայլերու դիմելով։ Հայրապետը միաժամանակ յիշեցուց, որ «մարդկային աղէտ ստեղծելով քաղաքական նպատակներ հետապնդելը անընդունելի է միջազգային օրէնքին համաձայն»։ Դոկտ. Եոաննա, որ ծանօթ է Արցախի շուրջ ստեղծուած կացութեան, Վեհափառ Հայրապետին պարզած մտահոգութիւնները խոստացաւ անմիջապէս փոխանցել Մ.Ա.Կ.ի ընդհանուր քարտուղարին։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց վերջին ամիսներուն իր եւ Ռայի Պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն եւ անոնց առնչուած այլ հանդիպումներու ընդհանուր պատկերը՝ շեշտելով կարելի փութով նախագահ ընտրելու հրամայականը։ Մ.Ա.Կ.ի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ այս հարցին գծով ինք շաբաթ մը առաջ Մ.Ա.Կ.ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Մ.Ա.Կ.ի ապահովական խորհուրդին իր զեկոյցը ներկայացուցած է եւ բոլորը կարեւորութեամբ շեշտած են Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը շուտափոյթ կերպով իրականացնելու կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ հայ համայնքին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն համար, յատկապէս անդրադառնալով այն կարեւոր դերին, որ Հայրապետը կրնայ ունենալ իր միջազգային յարաբերութիւններուն շնորհիւ։

Նմանատիպ նյութեր
997 դիտում
22:32 13-11-2024
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում է ունեցել Ռայի Պատրիարքի ներկայացուցչի հետ
1075 դիտում
21:41 10-01-2024
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հանդիպել է Կատարի Հանրապետության վարչապետի հետ
997 դիտում
23:38 01-03-2024
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հանդիպել է Լիբանանահայ օգնության խաչի շրջանային վարչության հետ
Այս բաժնից
835 դիտում
18:38 21-12-2024
Շիրակի մարզում շրջայցի ընթացքում Պապոյանն արձանագրել է մի շարք խնդիրներ, որոնք անհապաղ լուծման կարիք ունեն
865 դիտում
17:42 21-12-2024
Հակակոռուպցիոն կոմիտեն մերժել է Հովիկ Աղազարյանի փաստաբանի դիմումը․ «Ազատություն»