913 դիտում
23:11 15-03-2024
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի նախագահությամբ բացվել է Խորեն Ա Կենտրոնը
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի նախագահությամբ բացվել է Խորեն Ա Կենտրոնը։ Այս մասին հայտնում են Կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից․
«Գարակէօզեան եւ Սուրէն Խանամիրեան նախկին ազգային վարժարաններու կառոյցը, Ֆանարի Լէյլաւան ժողովրդային տուներուն կից, երիտասարդական ու մշակութային կեդրոնի պատշաճեցման համար վերանորոգութեան ենթարկուելէ ետք, հանրութեան կը տրամադրուի որպէս «ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԵԴՐՈՆ»։ Այս առիթով, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն, թեմակալ առաջնորդներուն, թեմերու ազգային վարչութեանց ատենապետներուն, հայ համայնքներու ու քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն, միաբան հայրերուն եւ Դպրեվանքի խումբ մը աշակերտներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարեց կեդրոնին պաշտօնական բացումը։
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ «Խորէն Ա. Կեդրոն» անունը արժանի կերպով սոյն կեդրոնին ճակատին վրայ կը տեսնենք, որովհետեւ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոս ի՛նք հաստատած ու կառուցած է այս կեդրոնն ու անոր կից գտնուող ժողովրդային տուները։ Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, որ այս կառոյցը շինուած է որպէս վարժարան, իսկ այսօր, ըլլալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան մէկ կարեւոր բաժինը, իր մէջ կ՚ընդգրկէ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական կեդրոնները, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.), Շնորհալի ու Նարեկացի երգչախումբերը, ինչպէս նաեւ մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան հետ աղերս ունեցող զանազան կեդրոններ, ինչպիսին են «Կիլիկիա» մատենադարանը եւ լսարաններու ու համագումարներու յատուկ սրահներ։
Հայրապետը իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսպիսի կեդրոններ միջոց են առաքելութիւն ծաւալելու եւ նկատի ունենալով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան ու ծառայութեան հետզհետէ առաւել ընդարձակումը, նման կեդրոններ պիտի նպաստեն այդ ուղղութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը ուղղուած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ «ո՛ւր որ մեր ժողովուրդը կարիքը ունի հոգեւոր սնունդի ու մեր կրթական մշակութային արժէքներու կենսագործման, հո՛ն է մեր Ս. Աթոռը՝ իր Միաբանութեամբ, թեմերով եւ ժողովական կառոյցներով»։
Խօսքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ կեդրոնի պատասխանատու նշանակած է Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանը։ Այս կեդրոնը որոշ դասաւորումներ ըրած է շրջանի 300 հայ ընտանիքներու զաւակներուն համար, որպէսզի անոնք եւս մասնակից դառնան այստեղ ծաւալուող աշխատանքներուն։ Վերջապէս, ան յատուկ կերպով ողջունեց եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքներուն իրենց ներդրումը բերած բոլոր բարերարներուն, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերուն։
Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան ողջոյնի խօսքէն ետք, իր գլխաւորութեամբ եւ կեդրոնի տնօրէն հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, ներկաները ծանօթացան կեդրոնի շէնքին ու զանազան բաժանմունքենրուն։
Նշենք, որ հանդիսութեան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը»։

Նմանատիպ նյութեր
934 դիտում
22:48 13-06-2023
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի նախագահությամբ Սուրբ պատարագ է մատուցվել Տորոնտոյի հայկական եկեղեցում
964 դիտում
20:14 13-03-2024
Անթիլիասի Մայրավանքում Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի նախագահությամբ կմատուցվի Անմահ պատարագ
1585 դիտում
20:32 15-08-2024
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի նախագահությամբ կնշվի Խաղողի օրհնության օրը
Այս բաժնից
1579 դիտում
19:09 20-12-2024
ՊԵԿ-ը բացահայտել է խմիչքների և ծխախոտային արտադրանքի ապօրինի շրջանառության դեպքեր
493 դիտում
19:05 20-12-2024
Քննարկվել է «Ակադեմիական քաղաք» ծրագրի ընթացիկ իրավիճակն ու իրականացման ռազմավարությունը
469 դիտում
18:53 20-12-2024
ԲԴԽ նախագահ Արթուր Աթաբեկյանն ընդունել է Ղազախստանի դեսպանին