883 դիտում
23:08 09-05-2023
Համազգային ջանքերով ․ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ու Բեյրութի Հայոց Թեմի առաջնորդը հանդիպել են
Երկուշաբթի, 8 Մայիս 2023-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը: Տեղեկանում ենք «Գանձասար» պարբերականից։
Առաջնորդ սրբազանը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց թեմին կատարած աշխատանքները, յատկապէս երկրաշարժին պատճառով ստեղծուած դժուար պայմաններուն մէջ: Նորին Ս. Օծութիւնը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ, Ազգային Իշխանութիւնը եւ քոյր կազմակերպութիւններու մարմինները հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանք կը կատարեն օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի կարիքներուն: Հայրապետը միաժամանակ յիշեցուց, որ յատուկ կարեւորութիւն անհրաժեշտ է տալ Քէսապի, Լաթաքիոյ, Ճէզիրէի եւ այլ շրջաններու մեր ժողովուրդի կարիքներուն, միշտ նկատի ունենալով առաջնահերթութիւնները:
Այս առիթով Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն դարմանման ծիրէն ներս Սուրիոյ հայութեան կատարուող օժանդակութիւններուն՝ թեմերու, կազմակերպութիւններու ու ազգայիններու կողմէ եւ յիշեցուց, որ երբ մեր ազգին մէկ մասը կարիքը ունի օգնութեան, անհրաժեշտ է համազգային ճիգով օգտակար հանդիսանալ անոր:

Նմանատիպ նյութեր
967 դիտում
10:32 12-11-2023
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետն ու Լիլիթ Մակունցը քննարկել են Հայաստան-Սփյուռք հարաբերությունները
1018 դիտում
22:53 15-01-2024
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետն ընդունել է Պապական նվիրակին
Այս բաժնից
658 դիտում
20:27 18-10-2024
Մհեր Գրիգորյանի նախագահությամբ կայացել է ԵՏՀ Խորհրդի նիստը
751 դիտում
19:46 18-10-2024
Ստամբուլում մեկնարկել է Հայաստանի և Ադրբեջանի ԱԳ նախարարների հանդիպումը
607 դիտում
19:12 18-10-2024
Հայաստանի և Ադրբեջանի ԱԳ նախարարները երկկողմ հանդիպում կունենան Ստամբուլում