211652_close_icon
views-count4242 դիտում article-date 16:06 08-03-2019

Մահացել է Պոլսո պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆյանը

Խոր ցաւով եւ սրտի ճմլումով կը հաղորդենք, որ այսօր կէսօրուան ժամերուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կը տառապէր «տեմանս»է եւ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն բուսական կեանք կ՚ապրէր։ Բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած է եւ խոր ցաւ պատճառած է ամբողջ հայաշխարհէ, մանաւանդ պոլսահայ համայնքէն ներս։ Նորին Ամենապատուութիւնը 1998 թուականին բարձրացած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ դժբախտաբար իր գահակալութեան շրջանը բաւական կարճ եղած էր անբուժելի հիւանդութեան հետեւանքով։ Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս կապակցութեամբ անմիջապէս կապ հաստատած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ եւ տեղեակ պահած՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնն ալ այս իրադարձութեան կապակցութեամբ շարժման անցած է, որպէսզի Նորին Ամենապատուութեան վախճանման զուգահեռ անհրաժեշտ բոլոր կարգադրութիւնները կատարուին անթերիօրէն։ Հայտնում է [url=http://www.jamanak.com/content/%D5%AC%D6%80%D5%A1%D5%B0%D5%B8%D5%BD/8-03-2019-%D5%BE%D5%A1%D5%AD%D5%B3%D5%A1%D5%B6?fbclid=IwAR2zPhSMkY8xynG29SRv1xIp07XazpR4PK-7GWt76naLTdFdC5lyP4_l4zI]jamanak.com[/url]-ը: Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը անակնկալ սրտի տագնապ մը ունեցած է եւ այդ պատճառով կանգ առած է իր սիրտը եւ վախճանն ալ այդպէսով վրայ հասած է դժբախտաբար։ Մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդենք յաջորդիւ:

Նմանատիպ նյութեր