211652_close_icon
views-count2358 դիտում article-date 23:21 04-08-2019

Հայկական Ժողովրդային Շարժումը՝ Եռաբլուրում իր ներկայացուցչի դեմ կազմակերպված հարձակման մասին

Եռաբլուրի Մէջ Մեր Ներկայացուցիչին Դէմ Կազմակերպուած Յարձակման Կապակցութեամբ Այսօր՝ Հայկական Ժողովրդային Շարժում – Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառոյցի Հայաստանի ներկայացուցչութեան կողմէ Օգոստոս 7-ի՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) Նահատակներու օրուայ առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան սկզբնաւորումէն վայրկեաններ առաջ, Եռաբլուրի տարածքին վրայ գտնուող ԱՍԱԼԱ-ի նահատակներու պանթէոնին մէջ, յայտնի տարրեր խուլիկանական վարքագիծ դրսեւորելով եւ սադրանք ի գործ դնելով, օրուայ խորհուրդը յարգող ներկայ բազմութիւնը ցրելու եւ միջոցառման կայացումը խափանելու ակնյայտ դիտաւորութեամբ, մեր ներկայացուցիչներէն մէկուն նկատմամբ կանխածրագրուած եւ նախապատրաստուած յարձակում գործեցին եւ ծանրօրէն վիրաւորեցին զինք, որու պատճառով ան ստիպուած եղաւ փոխադրուիլ հիւանդանոց եւ վիրահատել շրթունքի եւ լինտի հատուածը: Տխուր երեւոյթ է, որ նոր Հայաստանի մէջ որոշ տարրեր, դեռ ազդուած անցեալի ամենաթողութեան եւ անպատժելիութեան մթնոլորտէն, կը շարունակեն կամայականութիւն դրսեւորել եւ քաղաքացիներու կեանքին դէմ սպառնալիքներով եւ ոտնձգութիւններով հանդէս գալ: Հաւանաբար անոնք կը կարծեն, որ իրենց արարքները պիտի չստանան քաղաքական եւ իրաւական գնահատական ու պիտի խուսափին օրէնքի առջեւ պատասխան տալէ: Չարաչար կը սխալին: Անկախ դէպքի քաղաքական գնահատականէն, որուն մասին մեր կազմակերպութիւնը յառաջիկային իր առնելիք քայլերով հանրութիւնը պիտի իրազեկէ, մենք՝ որպէս օրինապահ քաղաքացիներ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները եւ օրինականութիւնը յարգող կառոյց, հետամուտ պիտի ըլլանք, որ սոյն քրէական յատկանիշներ ընդգրկող արարքը ստանայ իրաւական գնահատական եւ հեղինակները պատասխանատուութեան ենթարկուին օրէնքի տառին համաձայն: Կոչ կ’ուղղենք մեր անդամներուն եւ համակիրներուն, որ ցուցաբերեն առաւելագոյն զսպուածութիւնն եւ չպատասխանեն նիւթուած սադրանքներուն, իսկ նորագոյն ազգային - ազատագրական պայքարին մէջ անցեալին կամ ներկայիս որեւէ կարգավիճակով ընդգրկուած ընկերներուն կը յորդորենք, դէպքի հեղինակներու ու մասնակիցներու ինքնութեան մասին իրազեկուելով, կատարել անհրաժեշտ հետեւութիւններ եւ հանդէս գալ արարքի դատապարտման համապատասխան կեցուածքով: 4 Օգոստոս 2019 ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ Լիբանանի եւ Սուրիոյ Կառոյցի Հայաստանի Ներկայացուցչութիւն

Նմանատիպ նյութեր