211652_close_icon
views-count3669 դիտում article-date 23:25 29-10-2021

Երուսաղեմի Սուրբ Հակոբյանց վանքի միաբանները հայտարարություն են տարածել

keghart.org-ը գրում է. Այսու գրով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ներքոստորագրեալ միաբաններս կը յայտնենք մեր անհամաձայնութիւնը «Կովերու պարտէզ»-ի տարածքին վրայ «եօթ աստղանի» հիւրանոց կառուցելու համաձայնագրի առնչութեամբ, որ ստորագրուած է 8 Յուլիս, 2021-ին, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի, Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի, եւ Կալուածոց Տեսուչ Տ. Պա-րետ Ծ. Վրդ. Երէցեանի կողմէ:

«Կովերու պարտէզ»-ի համաձայնագիրը ստորագրուած է առանց Տնօրէն եւ Միաբանական ժողովներու քննարկման եւ վաւերացման, որը հակականոնական է, քանի որ այդպիսով անտեսուած է «Կանոն Միաբանական ուխտի» Յօդ. 67-ը, որը Տնօրէն Ժողովի իրաւասութեան ներքոյ կը դնէ կալուածներու տնօրինութեան հետ կապուած որեւէ որոշում, ինչպէս նաեւ անտեսուած է 2002, 2006 եւ 2015 թուականներուն Միա-բանական Ընդհանուր ժողովի կողմէ երիցս քուէարկութեամբ վաւերացուած եւ կանոն դարձած՝ «…մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող որեւէ համա–ձայնագիր կը վաւերացուի Տնօրէն Ժողովի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներու ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը, Տնօրէն Ժողովը պարտի ներկայացնել Միաբանական Ընդհանուր ժողովին՝ վաւերացման հա–մար» որոշումը: Աւելին՝ ըստ 2015 թ.-ին երիցս քուէարկութեամբ հաստատուած կանոնի «…մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը պիտի ստորագրուին նուազագույնը երեք անձերու կողմէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապահի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Տնօրէն Ժողովի Ատենապետի եւ Կալուածոց Տեսչի կողմէ, իսկ քսան–հինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներունը՝ նուազագոյնը երեք անձերու կողմէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապա–հի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Միաբանական Ժողովի Ատենապետի եւ Տնօրէն Ժողովի Ատենապետի կողմէ: Ասոնցմէ Պատրիարք Սրբա–զան Հօր (կամ Տեղապահի), Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետի ստո–րագրութիւնները պարտաւորիչ են»:

«Կովերու պարտէզ»-ի համաձայնագիրը Պատրիարք եւ Լուսարարապետ Սրբա-զան Հայրերէն զատ ստորագրած է նաեւ Կալուածոց տեսուչը, որը հակառակ է վերը բերուած կանոնին. Կալուածոց տեսուչը երբեք իրաւունք չունի ստորագրելու 26-49 տարուայ որեւէ համաձայնագիր, առաւել եւս 99 տարուայ համաձայնագիր:

Վերոյիշեալ համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք, Կալուածոց Տեսուչ Տ. Պարետ Ծ. Վրդ. Երէցեան, առանց Պատրիարք Սրբազան Հօր գիտութեան քանի մը յայատարարութիւններ հրապարակեց Պատրիարքութեանս ֆէյսպուքեան էջին վրայ, որոնց մէջ կը պնդէ որ՝ թէ՛ Տնօրէն Ժողովը եւ թէ՛ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը տուած են իրենց համաձայնութիւնը եւ օրհնութիւնը:

Այսու գրով կը յայտնենք, թէ այդ յայտարարութիւնները իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին: Ո՛չ Տնօրէն եւ ո՛չ ալ Միաբանական ժողովները լուր ունեցած են այս գործարքէն: Սուրբ Աթոռոյս երկու գերագոյն մարմինները՝ Տնօրէն եւ Միաբանական ժողովները չեն քննարկած եւ ոչ ալ իրենց համաձայնութիւնն ու օրհնութիւնը տուած են վերոնշեալ համաձայնագրի ստորագրման համար:

Վանքին, Պատրիարքարանին եւ Ժառանգաւորաց Վարաժարանին ու Ընծայարա-նին կից հիւրանոցի կառուցումը պիտի մեծ անյարմարութիւններ ստեղծէ եւ խաթարէ Պատրիարքութեան եւ հոգեւոր կրթօջախի բնականոն կեանքը, գործունէութիւնն ու անդորրը՝ մեծապէս վտանգելով ապագայ մեր առաքելութեան իրականացումը:

Ամփոփելով կ’ուզենք յատուկ ընդգծել, որ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը համահայկական արժէք է եւ այն բոլոր դարերու ընթացքին եղած է համայն հայութեան ուշադրութեան եւ հոգածութեան ներքոյ: Անոր գոյութեան եւ պահպանման մէջ ներդրում ունեն ինչպէս Սուրբ Աթոռի անձնազոհ միաբաները՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ, այնպէս ալ ողջ հայ ժողովուրդը՝ իր բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ: Հետե-ւաբար, այս սրբազան ժառանգութեան հետ պէտք է վարուիլ խիստ զգուշօրէն եւ բար-ձըր պատասխանատուութեամբ՝ միշտ պահելով Սուրբ Աթոռոյս Կանոնադրութիւնը, որպէսզի չվտանգուի անոր դարաւոր երթը եւ յաջորդ սերունդներուն ժառանգելը:

 

Նմանատիպ նյութեր