211652_close_icon
views-count1436 դիտում article-date 19:44 09-01-2022

Արամ Ա կաթողիկոսը 2022 թվականը հռչակել է Սփյուռքի տարի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 2022 թվականը հռչակել է Սփյուռքի տարի՝ պայմանավորված Սփյուռքի ներկայիս իրավիճակով եւ հայ կյանքում ունեցած առանցքային դերակատարությամբ։ Ինչպես «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսությունից, այդ մասին Հայրապետական հռչակագիրը հունվարի 9-ին Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքում ընթերցվել է Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարում՝ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմից։

«Վեհափառ Հայրապետը հռչակագիրին մէջ կը նշէ, որ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ բազմազան մարտահրաւէրներ, իսկ Սփիւռքը՝ աւելի, որովհետեւ հոն կը տիրեն անորոշութիւն, փոթորիկներու դէմ պայքարներ, ինքնութեան վերաբերեալ փնտռտուքներ, որոնք անյետաձգելի հրամայական կը դարձնեն Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու վերակենսունակութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ կ՚առնէ հայ ժողովուրդին սփիւռքացումի հանգրուանները՝ դիտել տալով, որ արտագաղթը մնայուն երեւոյթ եղած է հայոց պատմութեան մէջ՝ թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ քաղաքական պատճառներով։ Այս ծիրէն ներս Հայրապետը կ՚ընդգծէ, որ հայերը յաջողած են իրենց հաստատուած երկիրներուն մէջ գաղութներ յառաջացնել՝ ազգային, հոգեւոր եւ կրթական կառոյցներով, եւ չեն զլացած յարաբերութիւն մշակելէ տուեալ երկրի բնակիչներուն հետ։ Ներկայիս, Սփիւռքը կը պարզէ աւանդական, սովետական ու հայաստանեան սփիւռքներու աններդաշնակ խառնուրդ վիճակ մը, ուր հայ ըլլալու արժեչափը յստակ գիծեր չունի։ Հայրապետը կը յայտնէ, որ թէեւ անցեալին իրենց էական դերակատարութիւնը ունեցած են աւանդական ազգային կառոյցները, սակայն այսօր ժամանակավրէպ ըլլալու վտանգին դիմաց կը գտնուին՝ իրենց գործելաոճով եւ ոչ-այժմէական օրակարգերով։ Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը մանրամասն կ՚անդրադառնայ լեզուին, նոր սերունդը հայ ինքնութեան ազդակներու շուրջ պահելուն, ներ-գաղութային ու միջ-գաղութային յարաբերութիւններու անբաւարարութեան, հայակեդրոն մտածողութեան զարգացման հրամայականին, հայրենադարձութեան օրակարգին եւ ազգային ռազմավարութեան յառաջացման անհրաժեշտութեան։

Խօսելով Սփիւռքի վերակազմակերպման մարզերուն եւ գործընթացին մասին, Վեհափառ Հայրապետը կը նշէ, որ հռչակագրին մէջ մատնանշուած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները կը կարօտին խոր, իրատես ու համապարփակ քննարկման։ «Սփիւռքը ինքնավախճան իրականութիւն մը չէ. ան իր տեսլականը պէտք է միշտ սեւեռած պահէ Հայաստանի ուղղութեամբ, որ ողնասիւնը կը կազմէ հայ ազգի ներկային ու երաշխիքը՝ անոր ապագային» հաստատումով, Հայրապետը կը կարեւորէ նոր ժամանակներու ու մարտահրաւէրներու համահունչ ռազմավարութեան ձեռնարկման, որուն մղիչ ոյժը պէտք է դառնայ Սփիւռքին պարզած ներկայ գոյավիճակին իրապաշտ արժեւորումը եւ ապա ծրագրումը։ Առ այդ, Հայրապետը կը թելադրէ թեմական եւ համայնքային կառոյցներուն բարեկարգումներ եւ իրար միջեւ ներդաշնակ գործակցութիւններ իրականացնել։ Այս աշխատանքին համար ան կ՚առաջարկէ մթնոլորտի պատրաստութիւն, նախաձեռնութիւն եւ վերջապէս ծրագիրներու գործադրում։

 Հայրապետը հռչակագիրը կ՚եզրափակէ ըսելով. «Հաւատարիմ իր անցեալին, հայ ժողովուրդը կոչուած է ինքզինք յարատեւօրէն վերարժեւորման ու վերանորոգման ենթարկելու՝ համահունչ փոխուող ժամանակներուն, պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Ա՛յս տեսլականով ու յանձնառութեամբ Սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպէ ու վերաշնչաւորէ ինքզինք։ Սփիւռքը իր ներկայ վիճակին թողուլ, կը նշանակէ անոր ինքնամաշումը արագացնել։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝ անոր հզօրացումն է, իսկ Սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանին ու Արցախին հզօրացումն է. եւ սա համազգային առաջնահերթութիւն է ու մարտահրաւէր։ Հարկ է անյապաղ լծուիլ աշխատանքի»։

Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս պիտի ընթերցուի Հայրապետական հռչակագիրը»,- ասվում է հաղորդագրության մեջ։

Նմանատիպ նյութեր