211652_close_icon
views-count838 դիտում article-date 22:57 29-01-2024

Արամ Ա Վեհափառը հանդիպումներ է ունեցել թեմական կառույցների հետ

Սփյուռքի վերակազմակերպումը անհետաձգելի հրամայական է։ Այդ մասին հայտարարել է Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը, հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից։

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած իր Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ապու Տապիի, Տուպայի եւ Շարժայի մէջ յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ թեմական կառոյցներուն հետ:

Առաջին հանդիպումը կայացաւ Ապու Տապիի մէջ, ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, հոգեւոր դասուն, թեմի ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետին եւ անդամներուն, ազգային վարչութեան փոխ ատենապետին եւ անդամներուն, ազգային Արա Խանոյեան միօրեայ վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ դպրաց դասին ու երիտասարդաց յանձնախումբին:

Բացման խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նախ ողջունեց Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը թեմէն ներս եւ ապա շեշտեց, որ թեմը իր կարելին կը կատարէ թեմական կառոյցներուն վերակազմակերպման ու աշխուժացման գծով: Սրբազան հօր խօսքին յաջորդեց ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ Արտօ Համբարձումեանի բարի գալստեան խօսքը: Ան, իր կարգին, ներկայացուց ներկայ մարմինները: Ան յայտնեց, որ կառոյցները իրենց առաւելագոյնը կը կատարեն, որպէսզի թեմը վերածաղկումի իր ընթացքը շարունակէ:
Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խօսքին մէջ ջերմօրէն գնահատեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին իր ծառայական գործունէութեամբ նոր աւիշ ու կենսունակութիւն տուաւ թեմին՝ սերտ յարաբերութիւններ մշակելով թէ՛ այլ համայնքներու եւ թէ՛ պետական կառոյցներու հետ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբելով եկեղեցւոյ շուրջ: Ապա, Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնելէ ետք նաեւ թեմական կառոյցներուն՝ կարեւորութեամբ ընդգծեց, ներկայ աշխարհին պարզած պայմաններուն լոյսին տակ, թեմական կառոյցները վերանորոգելու ու վերակազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, որ մեր շուրջ պայմանները մնայուն փոփոխութեան մէջ են: Նոր մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու դիմաց ենք: Արդ, չենք կրնար անտարբեր մնալ եւ նոյն ձեւով շարունակել մեր համայնական կեանքը: Մեր կառոյցներու վերարժեւորումը եւ անոնց վերակազմակերպումը, նկատի ունենալով մեր շրջապատը, այլեւս դարձած է անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն: Նորին Սրբութիւնը այս ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն տուաւ երիտասարդութեան: Ան ըսաւ, որ պէտք է երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտենայ, միեւնոյն ատեն եկեղեցին բարեկարգութեան ճամբով հարկ է, որ երիտասարդութեան մօտենայ: Այս ուղղութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը շարք մը մատնանշումներ կատարեց՝ առաջարկելով գործնական միջոցներ: Իր խօսքէն ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը առիթ տուաւ, որ ներկաները իրենց մտահոգութիւնները փոխանցեն եւ հարցումները ուղղեն յիշեալ կէտերուն շուրջ:

Մի քանի օրեր ետք, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նմանօրինակ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Շարժայի մէջ, մասնակցութեամբ Շարժայի, Տուպայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց թեմական կառոյցներուն: Հաւաքին ներկայ էին աւելի քան 70 անձեր: Դարձեալ բացման խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը՝ պարզելով գաղութին իւրայատկութիւններն ու անոնցմէ բխող մարտահրաւէրները եւ առաջադրութիւնները: Խօսք առաւ ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան:

Ան եւս բաժնելով առաջնորդ սրբազան հօր տեսակէտները, իր կարգին, շեշտեց եկեղեցւոյ կարեւոր դերը գաղութի վերակազմակերպման աշխատանքին մէջ:

Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով ներկաները՝ իր գնահատանքը յայտնեց անոնց նուիրումին՝ ըսելով, որ հակառակ գործնական դժուարութիւններուն անոնք իրենց աշխոյժ ու գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն թեմական գործունէութեան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը շարք մը մատնանշումներ կատարեց՝ շեշտելով թեմական կառոյցներու վերանորոգումը, եկեղեցւոյ բարեկարգութեան կարեւորութիւնը: Հայրապետը յիշեցուց, թէ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը սկսած է որոշ գործնական քայլեր առնել ու հետեւողական աշխատանք կատարել՝ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը մեր թեմերու կեանքին մէջ ապահովելու եւ շարք մը այլ հարցեր քննելու համար: Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով իր գնահատանքը յայտնեց կրթական կեանքէն ներս կատարուած իրագործումներուն, երբ շուրջ 300 աշակերտներ մասնակից կը դառնան ազգային Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանի ծրագիրներուն: Ան նաեւ շեշտեց կիրակնօրեայ վարժարանին կարեւոր դերը՝ հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքներուն մէջ:

Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք, ներկաները գաղութի վերանորոգման ու վերակազմակերպման ուղղութեամբ իրենց հարցումները ուղղեցին եւ մտահոգութիւններն ու առաջարկները պարզեցին Նորին Սրբութեան:

Նմանատիպ նյութեր